image

Թրամփ Ուքրանիոյ օգնելու առընթեր նախապայմաններ դրած է

Թրամփ Ուքրանիոյ օգնելու առընթեր նախապայմաններ դրած է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ կ՚ուզէ համաձայնութեան գալ Ուքրանիոյ հետ՝ երկրի հազուագիւտ հողային տարրերուն հասանելիութիւն ստանալու համար՝ որպէս Ռուսիոյ հետ պատերազմին Քիեւին Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը շարունակելու պայման: Այս մասին գրած է apnews.com-ը:

Լրագրողներու հետ զրոյցին Թրամփ դժգոհած է, որ Միացեալ Նահանգները աւելի շատ ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա, քան եւրոպացի գործընկերները:

«Մենք կ՚ուզենք գործարք կնքել Ուքրանիոյ հետ, որու շրջածիրէն ներս մենք անոնց տուածի համար կը ստանանք անոնց հազուագիւտ հողային տարրերը եւ այլ բաներ», -ըսած է Թրամփ:

Թրամփ նշած է, որ Ուքրանիոյ կառավարութենէն տեղեկութիւն ստացած է, որ անոնք պատրաստ են գործարք կնքելու՝ Միացեալ Նահանգներու համար հասանելի դարձնելու ժամանակակից բարձր արհեստագիտական տնտեսութեան համար կարեւոր տարրերը:

«Մենք հարիւր միլիառաւոր տոլարներ կը ներդնենք: Անոնք ունին մեծ հազուագիւտ հողային տարրեր: Եւ ես կ՚ուզեմ հազուագիւտ հողային տարրերու հարցով ապահովութիւն ունենալ, եւ անոնք պատրաստ են այդ ընելու», - նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Թրամփ, որ աւելի վաղ ըսած էր, որ պատերազմին արագ վերջ պիտի դնէ, աւելցուցած է, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ հակամարտութիւնը աւարտին հասցնելու համար:

«Մենք շատ առաջընթաց գրանցած ենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցով: Կը տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ: Մենք կը պատրաստուինք դադրեցնել այդ ծիծաղելի պատերազմը», - եզրափակած է ան: