Միացեալ Նահանգները պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որ համապարփակ խաղաղութեան հասնին, այդ շարքին` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջոցով: Այս մասին յայտարարած է Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը:
«Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի խթանման գործին: Մենք ողջունած ենք <...> Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հանդիպումը` ներառեալ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման դրական աշխուժութիւնը եւ սահմաններու զատման հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորումը: Ինչպէս երկու առաջնորդներուն հետ նախորդ օրը` Ապրիլ 5-ին, բանակցութիւններու ժամանակ ընդգծած է պետական քարտուղարը, որ մենք կը շարունակենք խրախուսել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետագայ խաղաղ բանակցութիւնները: Եւ պետական քարտուղարը հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է համախոհ գործընկերներու հետ երկկողմ համագործակցութեան, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, որպէսզի օգնէ երկիրներուն հասնիլ երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութեան», նշած է դիւանագէտը: