image

ԱՄՆ ներկայացուցիչները ժամանած են Ատրպէյճան

ԱՄՆ ներկայացուցիչները ժամանած են Ատրպէյճան

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները ժամանած են Ատրպէյճան: Պաքուի կը գտնուին Արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ճոշուա Հաքը եւ Արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական հարցերով աւագ խորհրդական Ուայթ Թելքեն:

Այցի նպատակն է շարունակել երկխօսութիւնն Ատրպէյճանի հետ՝ ելլելով Միացեալ Նահանգներու շահերէն, ինչպէս նաեւ քննարկել տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:

Նշենք, որ նախօօրէին Պաքու ժամանած էր ամերիկացի ծերակուտական Սթիւ Տեյնսը: