image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն պատրաստ է ճանչնալու Սուրիոյ կառավարութեան օրինականութինը

ԱՄՆ-ն պատրաստ է ճանչնալու Սուրիոյ կառավարութեան  օրինականութինը

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պատրաստ է ճանչնալու եւ աջակցելու Սուրիոյ նոր կառավարութեան, եթէ այն ձեւաւորուի ներառականութեան հիման վրայ եւ առանց արտաքին միջամտութեան, երեքշաբթի ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը։

Ան աւելցուցած է, որ «անցումը պէտք է յանգեցնէ վստահելի, ներառական եւ աշխարհիկ կառավարման, որ կը համապատասխանէ թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան միջազգային չափանիշերուն»:

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ մէջ զինուած ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ գրաւած է Դամասկոսը եւ կը ձեւաւորէ անցումային իշխանութիւն, որ պիտի գործէ երեք ամիս։ Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը պիտի ձեւաւորէ Մուհամետ Պաշիրը, որ նախապէս գլխաւորած է այսպէս կոչուած ազգային փրկութեան կառավարութիւնը։ Ան ճարտարապետ է, ունի նաեւ կրօնական կրթութիւն։

Մուհամետ Պաշիրն իր համաքաղաքացիներուն խոստացած է կայունութիւն եւ խաղաղութիւն։