image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր եւ զօրք պիտի ուղարկէ Իսրայէլ

ԱՄՆ-ն հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր եւ զօրք պիտի ուղարկէ Իսրայէլ

Փենթակոնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն Իսրայէլ պիտի ուղարկէ միջին հեռահարութեան հրթիռները մեծ բարձրութեան վրայ որսալու համար նախատեսուած THAAD շարժական ցամաքային հակահրթիռային համակարգի մարտկոց, ինչպէս նաեւ այն գործարկելու համար անհրաժեշտ զօրքեր:

Այս մասին գրած է apnews.com-ը՝ նկատելով, որ ԱՄՆ-ն նման որոշում կայացուցած է՝ հակառակ, որ Իրանը նախազգուշացուցած է Ուաշինկթընը, որ հեռու պահէ ամերիկեան ռազմական ուժերն Իսրայէլէն:

Փենթակոնի խօսնակ, զօրավար-մայոր Փեթ Ռայտըրը յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը թոյլատրած է THAAD մարտկոցի տեղակայումը նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցումով: Ան ընդգծած է, որ համակարգը պիտի օգնէ զօրացնել Իսրայէլի հակաօդային պաշտպանութիւնը՝ ապրիլին եւ հոկտեմբերին Իրանի կողմէ զանգուածային պալիսթիք հրթիռային յարձակումներէն ետք:

Հրթիռային պաշտպանութեան կատարաելագործուած համակարգի մատակարարումը կրնայ աւելի բորբոքել հակամարտութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ հակառակ համապարփակ պատերազմէն խուսափելուն ուղղուած լայնածաւալ դիւանագիտական ջանքերուն, նկատած է աղբիւրը: