image

ԱՄՆ մտադիր չէ մասնակցելու պատերազմին

ԱՄՆ մտադիր չէ մասնակցելու  պատերազմին

ԱՄՆ-ն մտադիր չէ զօրք ուղարկելու Ուքրանիա, նոյնիսկ եթէ այնտեղ ոչ-սովորական սպառազինութիւն օգտագործուի, ըսած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճեն Փսաքին:

Ճեպազրոյցի ժամանակ ան հերքած է ամերիկեան կողմի քիմիական եւ կենսաբանական ռազմական ծրագրերու առկայութիւնը եւ պնդած, որ Ռուսաստանը նման հնարաւորութիւններ ունի:

«Ես չեմ պատրաստուիր հիփոթեթիկ իրավիճակներու մէջ մտնել: Հիմա մենք կ'ըսենք, որ անոնք ունին նման ներուժ եւ հնարաւորութիւններ: Ես նոյնպէս մտադիր չեմ խորանալու հետախուզական տեղեկատուութեան մանրամասներու մէջ: Բայց նախագահ Պայտընի տեսակէտը ԱՄՆ զինուորականները Ուքրանիա չուղարկելու վերաբերեալ՝ չէ փոխուած», նշած է Փսաքին: