Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչները երթ կատարած են Ուաշինկթընի մէջ՝ ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը եւ նախագահ Պայտընէն պահանջելով քայլեր ձեռնարկել Արցախի մէջ հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու համար։
«Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը, երթի մասնակիցները ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտէն քալած են դէպի Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ, իսկ երթը աւարտած է Սպիտակ տան մօտ կայացած ցոյցով։
Ցոյցի մասնակիցները պահած են «Արցախը ուժեղ է», «Դադրեցուցէք Արցախի շրջափակումը», «120 հազար խաղաղ բնակիչներ պատանդ են Ատրպէյճանի ձեռքը», «Պատժամիջոցներ կիրառեցէք ցեղասպան Ատրպէյճանի նկատմամբ», «Ալիեւը մեղաւոր է պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։