image

ԱՄՆ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները Պայտընէն պահանջած են քայլեր ձեռնարկել՝ դադրեցնելու Արցախի մէջ հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը

ԱՄՆ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները Պայտընէն պահանջած են քայլեր ձեռնարկել՝ դադրեցնելու Արցախի մէջ հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչները երթ կատարած են Ուաշինկթընի մէջ՝ ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը եւ նախագահ Պայտընէն պահանջելով քայլեր ձեռնարկել Արցախի մէջ հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու համար։

«Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը, երթի մասնակիցները ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտէն քալած են դէպի Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ, իսկ երթը աւարտած է Սպիտակ տան մօտ կայացած ցոյցին։

Ցոյցի մասնակիցները պահած են «Արցախը ուժեղ է», «Դադրեցուցէք Արցախի շրջափակումը», «120 հազար խաղաղ բնակիչներ պատանդ են Ատրպէյճանի ձեռքը», «Պատժամիջոցներ կիրառեցէք ցեղասպան Ատրպէյճանի նկատմամբ», «Ալիեւը մեղաւոր է պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։