image

ԱՄՆ եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը

ԱՄՆ եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարկքօ Ռուպիոն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը:

Այս մասին ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, անոնք վերահաստատած են ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ դերը՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի առանցքային դաշնակից, եւ երկիրներու ընդհանուր շահերը տարածաշրջանին մէջ։

 Քննարկուած է նաեւ իրավիճակը Սուրիոյ մէջ: