image

ԱՄՆ-էն Սպառնալիք` Թուրքիոյ. Թեման դէպի Ռուսիա ռազմական արտահանումներն են

ԱՄՆ-էն Սպառնալիք` Թուրքիոյ. Թեման դէպի Ռուսիա ռազմական արտահանումներն են

Ուաշինկթըն նախազգուշացուցած է Թուրքիան, որ երկրի համար «հետեւանքներ» պիտի ըլլան, եթէ այն չդադարի Ռուսիա արտահանել ամերիկեան ռազմական սարքաւորումները, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին Մոսկուայի «պատերազմական մեքենայի» համար: Այս մասին գրած է Financial Times-ը:

Առեւտուրի նախարարի օգնական Մեթիւ Աքսելրոտը, որ կը գլխաւորէ ԱՄՆ-ի ջանքերը՝ զգայուն արհեստագիտութիւնները Ուաշինկթընի հակառակորդներու ձեռքէն հեռու պահելու ուղղութեամբ, վերջերս Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ հանդիապած է թուրք պաշտօնեաներու եւ գործադիր տնօրէններու հետ՝ ապօրինի առեւտուրը դադրեցնելու ջանքերու շրջածիրէն ներս: Անոր ուղերձն այն էր, որ Թուրքիան պէտք է աւելի շատ աշխատի, որ դադրեցնէ Ռուսիոյ համար Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի տեսանկիւնէ առանցքային համարուող ամերիկեան ծագման չիփերու եւ այլ մասերու առեւտուրը:

«Մեզի պէտք է, որ Թուրքիան օգնէ կանգնեցնել ԱՄՆ արհեստագիտութիւններու ապօրինի հոսքը դէպի Ռուսիա: Մենք պէտք է արագ առաջընթաց տեսնենք թրքական իշխանութիւններու եւ արդիւնաբերութեան կողմէ: Հակառակ պարագային, մենք այլ ելք չենք ունենար, քան սահմանափակումներ դնել անոնց վրայ, որոնք կը շրջանցեն մեր արտահանման վերահսկողութիւնը», -ըսած է Աքսելրոտը Financial Times-ին: 

Հրատարակութեան համաձայն՝ վերջերս Անգարա եւ Իսթանպուլ կատարած այցի ժամանակ Աքսելրոտը դժգոհութիւն յայտնած է թրքական իշխանութիւններէն, որոնք, անոր պնդմամբ, ներգրաւուած են ամերիկեան զգայուն արհեստագիտութիւնները Ռուսիոյ Դաշնութիւն փոխանցելու մէջ՝ շրջանցելով ԱՄՆ արգելքը։ 

Ինչպէս նշած են ամերիկացի պաշտօնեաները, որոնց հետ զրուցած է թերթը, ԱՄՆ Առեւտուրի նախարարութիւնը պատժամիջոցներու ցանկին մէջ արդէն աւելցուցած է 18 ընկերութիւն, որոնք ամերիկեան ապրանքներ տեղափոխած են Ռուսիոյ Դաշնութիւն, եւ ապագային այդ ցուցակը կրնայ ընդլայնիլ, եթէ Թուրքիոյ կողմէ «առաջընթաց չգրանցուի»: