image

Ամերկայի Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառած է 16 թրքական ընկերութիւն

Ամերկայի Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառած է 16 թրքական ընկերութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իր պատժամիջոցային ցուցակներուն մէջ ներառած է 16 թրքական ընկերութիւն։

Reuters-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է ԱՄՆ առեւտուրի նախարարութիւնը։

Նշուած է, որ ցուցակին վրայ յայտնուած են արտաքին առեւտուրի, էլեկտրոնական գործիքներու, արդիւնաբերական սարքաւորումներու, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ աշխատող ընկերութիւններ:

Ընկերութիւններուն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ սահմանափակումներ մտցուած են, կը գտնուին Իսթանպուլ, երկուքը կը գործեն Անգարայի եւ Անթալիոյ մէջ։

Հիմնականին կը մասնագիտանան համակարգչային սարքաւորումներու, առեւտուրի, երթեւեկութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ: