image

Ամերիկեան զօրքեր Ուքրանիա ուղարկելը կրնայ յանգեցնել համաշխարհային պատերազմի․ Պայտըն

Ամերիկեան զօրքեր Ուքրանիա ուղարկելը կրնայ յանգեցնել համաշխարհային պատերազմի․ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած է, որ ամերիկեան զօրքեր Ուքրանիա ուղարկելը կրնայ յանգեցնել համաշխարհային պատերազմի:

Ճօ Պայտըն կոչ ըրած է Ամերիկայի քաղաքացիներուն` անյապաղ լքելու Ուքրանիան եւ նախազգուշացուցած է Մոսկուայի հետ հնարաւոր մեծ հակամարտութեան մասին:

«Ամերիկայի քաղաքացիները պէտք է հեռանան, պէտք է հեռանան հիմա», ըսած է Պայտըն:

«Մենք գործ ունինք աշխարհի ամենամեծ բանակներէն մէկուն հետ: Սա բոլորովին այլ իրավիճակ է, եւ ամէն ինչ կրնայ շատ արագ փոխուիլ», ըսած է նախագահը` նկատի ունենալով Ռուսաստանի զինուած ուժերը:

Պայտընը նաեւ հաստատած է, որ որեւէ պարագայի զօրք պիտի չուղարկէ Ուքրանիա, նոյնիսկ` ռուսերու ներխուժման պարագային ամերիկացիները փրկելու համար: «Այդ կը դառնայ համաշխարհային պատերազմ: Երբ ամերիկացիներն ու ռուսերը սկսին կրակել իրար վրայ, մենք պիտի յայտնուինք բոլորովին այլ աշխարհի մէջ», զգուշացուցած է ԱՄՆ նախագահը: