image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն նոր նեցուկ՝ Ուքրանիոյ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն նոր նեցուկ՝ Ուքրանիոյ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմն Ուքրանիոյ պիտի ուղարկէ 125 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան հերթական փաթեթը: Այս մասին հաղորդած է Associated Press (AP) գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սպիտակ տան աղբիւրներուն։

Փաթեթը կը ներառէ հրթիռներ Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու համար, զինամթերք HIMARS համազարկային կրակի հակազդեցիկ (ռեակտիւ) համակարգերու համար, հակաթանկային Javelin շարժական եւ այլ համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր եւ սարքաւորումներ, 155 մմ եւ 105 մմ տրամաչափի հրետանային զինամթերք, փոխադրամիջոցներ եւ այլ սարքաւորումներ, հաղորդած է գործակալութիւնը։ 

AP-ն ուշադրութիւն հրաւիրած է այն բանի վրայ, որ մատակարարումը նշանակուած է այն ժամանակ, երբ Ուաշինկթըն կ'աշխատի «Քիեւի Ռուսիա ներխուժումն աւելի լաւ հասկնալու ուղղութեամբ»:

Փենթակոնի ներկայացուցիչ Սապրինա Սինկհ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ, չնայած Քիեւի բացատրութիւններուն, դեռ հարցեր ունի Ռուսիոյ Դաշնութեան Քուրսքի մարզին մէջ Ուքրանիոյ գործողութիւններու նպատակներուն եւ խնդիրներուն շուրջ։

«Ինչ կը վերաբերի նպատակներուն, ես ձեզի կ'ըսեմ այն, ինչ քանի մը օր առաջ յայտնած է (Ուքրանիոյ նախագահ) Զելենսքի. այդ ապազինուած գօտիի ստեղծումն է: Անոր հետ կապուած հարցեր կան»,- յայտարարած է Սինկհ:

Անոր խօսքով՝ այդ բոլոր հարցերու շուրջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին մտադիր է շփուիլ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռուսթեմ Ումերովի հետ։

6 օգոստոսին Ուքրանիոյ ուժերը ներխուժած են Ռուսիոյ Քուրսքի մարզ։ Ըստ ուքրանական կողմին՝ իրենց վերահսկողութեան տակ կը գտնուի 92 բնակավայր, 1259 քառ. քմ տարածք։

Ռուսական ուժերն ալ յայտնած են Ուքրանիոյ արեւելքի՝ Փոքրովսք քաղաքի մերձակայքի մէջ առաջխաղացման մասին։