image

«Ամերիկան այսօր բաժնուած է երկուքի». Ռուբէն Ճանպազեան

«Ամերիկան այսօր բաժնուած է երկուքի». Ռուբէն Ճանպազեան

«Թրամբի առած քայլերը բաւականին վտանգաւոր են, որովհետեւ կը հակասեն տարիներու աւանդութեան՝ գաղթականներու եւ նորեկներու նկատմամբ: Երբ որոշում մը, որ իր խորքին մէջ բաւական յստակ է, թէ հակաիսլամական է, այն վտանգաւոր կը համարուի: Այս երկիրը՝ Ամերիկան հիմնուած է ոչ կրօնական հիմքերու վրայ, մէկ կրօնքի շուրջ չէ եղած անոր կեդրոնացումը, եւ պատմութեան ընթացքին ամէն տեսակի մարդիկ ընդունած է»,- «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Պոսթընի «Armenian Weekly» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան, աւելցնելով, որ թէեւ պատմութիւնը խտրականութեան շատ դէպքեր կը յիշէ ԱՄՆ-ի հետ կապուած, ինչպէս՝ կիներու, սեւամորթներու, միասեռականներու դէմ, սակայն Ամերիկա մշտապէս եղած է հիւրընկալ երկիր, եւ այդ աւանդութեամբ է, որ կը գործէ մինչեւ օրս: Ռ. Ճանպազեան կ'ըսէ, որ այս մէկը ամերիկահայութիւնն ու աշխարհի տարբեր անկիւններէն Ամերիկա ժամանած ու բնակութիւն հաստատած հայերը շատ լաւ գիտեն, գաղութը տարիներու ընթացքին մեծցած զարգացած, յաջուղութիւններու հասած անդամներ ունեցած է, եւ այդ մէկը կարելի եղած է, որովհետեւ որպէս նորեկներ, որպէս գաղթականներ, երկրի դռները միշտ բաց եղած են իրենց դիմաց:

Անդրադառնալով օրերս Թրամբի որոշման շուրջ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, մեր զրուցակիցը հետեւեալը նշեց. «Կը կարծեմ, որ հայկական կազմակերպութիւններու մօտեցումը ճիշտ մօտեցում եղած է, իսկ «ANCA»ի յայտարարութիւնը ոչ այնքան դատապարտում էր, այլ հաւասարակշռուած եւ ճիշդ ձեւով բանաձեւուած գրութիւն էր, բան մը, որ ողջ ամերիկահայութեան մտածելակերպէն կը բխի: Այո', անշուշտ մտահոգութիւն կայ, երբ նկատի ունենանք, որ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ թիւով հայ համայնքներ կան, որոնք բոլորն ալ վտանգի տակ են սոյն որոշման հետեւանքով»:

Մեր հարցին, թէ ճի՞շդ է արդեօք որ այս որոշման յաջորդած է սուրիահայու մը ԱՄՆ-էն հեռացուիլը, մեր զրուցակիցը պատասխանեց. «Վստահ չեմ, թէ արդեօք ճի՞շտ են այդ տեղեկութիւնները, որ սուրիահայ մը, կամ քանի մը սուրիահայեր արդէն դուրս դրուած են երկրէն՝ ի կատարումն այս որոշման, բայց մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք նման լուրեր լսելու, որովհետեւ շատ հաւանական է, որ նման դէպքեր պատահին: Ըստ իս, Ամերիկայի ժողովուրդը պիտի չմարսէ այս որոշումը, եւ ինչպէս տեսանք, անոնք աննախընթաց հսկայական թիւերով փողոց դուրս եկան: Երբեք չէր պատահած, որ ԱՄՆ-ի տարբեր շրջաններուն մէջ միաժամանակ միլիոնաոր մարդիկ բողոքի դուրս գային, եւ թէեւ հակա-Թրամբ չէին այդ ցոյցերը, բայց դէմ էին այն զանազան որոշումներուն, որոնք կայացուցած է ան»:

Ռ. Ճանպազեան համոզուած է, որ  այս վերջին ընտրութիւններէն ետք երկիրը երկուքի բաժնուած է եւ շատ հետաքրքրական օրեր կ'ապրի: Ան նշեց նաեւ, որ օրեր առաջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին, նորընտիր նախագահը յայտնած է, թէ քրիստոնեաները առաջնահերթութիւն պիտի ստանան ԱՄՆ մուտք գործելու, որովհետեւ անոնք Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ դաժան օրեր ապրած են, մանաւանդ անդրադառնալով Սուրիոյ, ան շեշտած է, որ Սուրիոյ քրիստոնեաներն են, որոնց նախապատւութիւնը պիտի տրուի ԱՄՆ տեղափոխուելու:

Ճանպազեանին կարծիքով, շատ ամերիկացիներ դէմ պիտի ըլլան այս սկզբունքին, որովհետեւ խտրականութիւն կը ստեղծէ քրիստոնեային եւ իսլամին միջեւ, մինչդեռ տարիներու ընթացքին Ամերիկայի մէջ այն մտածելակերպը իշխած է, որ իսլամը, քրիստոնեան, հրեան եւ որեւէ այլ կրօնքի ներկայացուցիչը հաւասար են իրար նկատմամբ: Այս սկզբունքը խախտելու վտանգն է, որ կը գրգռէ ու կը մտահոգէ ամերիկացի ժողովուրդը:

Կարեւոր հանգամանքն մըն ալ կայ, որ վերջերս կ'արծարծուի: Մարդիկ կը հետաքրքրուին, թէ ինչո՞ւ յատկապէս նշեալ եօթ երկիրներու քաղաքացիներու մուտքն է, որ կ'արգիլէ այս որոշումը, հակառակ անոր, որ շարք մը այլ երկիրներու քաղաքացիներ շատ աւելի մեծ վնասներ հասցուցած են ամերիկացի ժողովուրդին, ինչպիսիք են Սաուտական Արաբիան, ԱՄԷ-ն կամ Եգիպտոսը:

«Կարեւոր կէտն այն է, որ ժողովուրդը այս որոշման առումով միասնակամ չէ, կան տարակարծութիւններ, եւ հետաքրքրական է, թէ ի'նչ կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն: Տեսնենք, թէ նորընտիր նախագահն իր նախընտրական հանգրուանի խոստումներէն քանի'ն պիտի կատարէ եւ ի'նչ պիտի ըլլայ ժողովուրդին հակազդեցութիւնը: Արդեօք հետադիմական շարժումներ պիտի ստեղծուի՞ն: Ամերիկա հետաքրքրական օրեր կ'ապրի այսօր... անկասկա'ծ»,- եզրափակեց «Արեւելք»ի զրուցակից, Պոսթոնի «Armenian Weekly» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան: