Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Սագօ Արեանի «Բաժնուած կղզին» գիրքը: Բաղկացած` 120 էջերէ:
Գիրքը նուիրուած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի հիւսիսային մասի գրաւման իբրեւ հետեւանք ներխուժումի սարսափը ապրած եւ ունեզրկուած հայերու պատմութիւններուն:
Հեղինակը հարցազրոյցներ կատարած է դէպքերուն ականատես խումբ մը հայերու հետ, որոնք կը պատմեն այդ օրերու իրադարձութիւնները եւ կը խօսին կիպրական հարցի լուծման իրենց պատկերացումներու մասին: Գիրքը կը ներկայացնէ նաեւ նոր սերունդին տեսակէտը:
Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան իր օրհնութեան գիրին մէջ կ՛ըսէ, որ յիսուն տարիներ առաջ կիպրական հայրենիք թրքական ներխուժման դառն հարուածները որքան յոյն մեր քոյր եղբայրներուն, նոյնքան եւ հայ գաղութի զաւակներուն վրայ դրոշմուած կը մնան` իբրեւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման ցաւոտ նշաններ:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Կիպրոս այսօր կը համարուի Եւրոպայի մարմինին վրայ ամրացուած վէրք մը, որուն տագնապը, կորուստներն ու ցաւը կը շարունակեն մնալ անոր բնակիչներուն հոգեկան ու ֆիզիքական աշխարհներուն մէջ:
Այդ բախումներէն ետք Կիպրոս ՄԱԿ-ի ուժեր մտան: Բաժանումի առաջին գիծերը ճշդուեցան: Նիկոսիոյ կեդրոնէն քաշուեցաւ կանաչ գիծ մը, որուն մէկ կողմը թուրք կիպրացիներն էին, միւս կողմը` յոյն կիպրացիները: Հայեր կորսնցուցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ու Ֆամակուսթայի Կանչուր եկեղեցին:
Թրքական ներխուժման իբրեւ հետեւանք կղզիին հիւսիսային շրջաններուն մէջ բնակող յոյներն ու հայերը տեղահան եղան:
Հեղինակը դիտել կու տայ, որ հայկական ազգապատկան եւ եկեղեցապատկան հսկայական կալուածներ ու հարստութիւններ մնացին հիւսիսային գօտիին մէջ, ներառեալ` սուրբ Մակարայ պատմական վանքը:
Այնուհետեւ Նիկոսիոյ մէջ կառուցուեցաւ սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Նիկոսիոյ եկեղեցիէն զատ Կիպրոսի մէջ կան հայկական գործող ուրիշ երկու եկեղեցիներ` Լառնաքայի սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին եւ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:
Սագօ Արեան իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ տարիներ ետք, մանաւանդ 2006-էն սկսեալ հայ համայնքը արտօնութիւն ստացաւ այցելելու հիւսիսային գօտիի մէջ մնացած եկեղեցիները եւ սուրբ Մակարայ վանքը:
Տեղահանուած հայերը, յիսուն տարիներ ետք, կրկին պատրաստ են համատեղ ապրելու թուրք եւ յոյն կիպրացիներուն հետ` յանուն կղզիին բարգաւաճման եւ խաղաղութեան:
«Բաժնուած կղզին» գիրքին մէջ կը նշուի, որ յիսուն տարիներ առաջ Կիպրոսի հիւսիսային մասին գրաւումը փոխեց հազարաւոր հայերու ճակատագիրը: Անոնք մինչեւ հիմա լուծման ուղիներ կը սպասեն` հաւատալով, որ ճկուն դիւանագիտութիւնը եւ խելացի որոշումները կրնան յաջողիլ կիպրական հարցի բարւոք լուծման:
Հայերը, իբրեւ Կիպրոսի հանրապետութեան քաղաքացիներ, լիովին համարկուած են երկրի հասարակութեան մէջ եւ աշխուժ դերակատարութիւն կը ցուցաբերեն հասարակական ու քաղաքական կեանքին մէջ:
«Բաժնուած կղզին» գիրքը պատմական վկայութիւն մըն է, որովհետեւ ինչպէս Կոմիտաս սրբազան կը նշէ, Կիպրոսը եղած է եւ կը մնայ միշտ սիրելի ներկայութիւնը մեր դարաւոր պատմութեան: