Պաքուի ռազմական դատարանէն ներս մեկնարկած է բռնագրաւուած Արցախի նախկին պետնախարար, գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան հերթական նիստը:
Անոր դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դէմ գործէն առանձնացուած։ Նախորդ դատական նիստին Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժած էր այդ միջնորդութիւնը։
Ատրպէյճանը Վարդանեանը կը մեղադրէ «խոշտանգումներու», «շահադիտական գործունէութեան», «պատերազմի օրէնքներու խախտման», «ահաբեկչութեան», «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման» եւ Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի այլ յօդուածներով։
Նշենք, որ շինծու դատավարութեան գործընթացը մեկնարկած էր յունուար 17-ին:
Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիական անձերը Պաքուի դատարանը կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» համար:
Ընդհանուր առմամբ, դատարանի առաջ կանգնած է 15 հայ`Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Պաշտպանութեան բանակի ԶՈՒ շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը, ԱԳ նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը,ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, քաղաքացիական անձինք՝ Վասիլի Բեգլարեանը, Էրիկ Ղազարեանը, Դաւիթ Ալավերդեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը, Լեւոն Բալայեանը, Մադաթ Բաբայեանը, Գարիկ Մարտիրոսեանը, Մելիքսեթ Փաշայեանը: