Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ մեկնարկած է բռնագրաւուած Արցախի նախկին պետնախարար, գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան հերթական նիստը: Դատավարութիւնը կ՚ընթանայ Պաքուի զինուորական դատարանի դատաւոր Զէյնալ Աղաեւի նախագահութեամբ։
Անոր դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դէմ գործէն առանձնացուած։ Նախապէս Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժած էր այդ միջնորդութիւնը։
Ատրպէյճանը Վարդանեանը կը մեղադրէ «խոշտանգումներու», «շահադիտական գործունէութեան», «պատերազմի օրէնքներու խախտման», «ահաբեկչութեան», «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման» եւ Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի այլ յօդուածներով։
Նշենք, որ շինծու դատավարութեան գործընթացը մեկնարկած էր յունուար 17-ին: