image

ԱՄէ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. մասկակցեգաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութեան

  ԱՄէ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. մասկակցեգաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութեան

 Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու  Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ  Արք. Սարգիսեան իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց դեսպանին, աղօթելով որ Աստուած ապահով պահէ Լիբանանը։

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  ԱՄԷ-ի   Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Սրբազան Հայրը կը մասնակցի Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութեան

Ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանին՝ Տիար Թարէք Մնէյմնյի հրաւէրին, Ուրբաթ 21 Նոյեմբեր 2025-ին երեկոյեան, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանի, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Վարուժան Ներկիզեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Բագրատ Պալապանեանին, ներկայ գտնուեցան Լիբանանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին դեսպանատան շրջափակէն ներս:

Այս առիթով Սրբազան հայրը իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց դեսպանին, աղօթելով որ Աստուած ապահով պահէ Լիբանանը, վերահաստատելով անկախութեան ամբողջական իմաստը համախմբելով լիբանանցիները իրենց երկրին ընդհարական ու առաջնահերթ շահերուն շուրջ, հեռու մնալով բոլոր տեսակի պառակտումներէ: