image

Ամանորեայ տօնածառի տեղադրումը մեկնարկած է

Ամանորեայ տօնածառի տեղադրումը մեկնարկած է

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ սկսած են հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի տեղադրման աշխատանքները:

Նշենք, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանը մանուկներուն համար Հանրապետութեան հրապարակին վրայ որոշած է տեղադրել երկրին գլխաւոր տօնածառը, որ գնուած է 2018 թվականին:

35 մեթր բարձրութեամբ (գագաթին հետ միասին), հիմքով 14,4 մեթր տրամագիծով տօնածառը պիտի զարդարուի շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ լուսատու շղթաներով, 1500 խաղալիքներով: