image

AMAA-ի Առաքելութեան մասին Կեանքերու կերտում եւ վերակերտում. ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան

AMAA-ի Առաքելութեան մասին  Կեանքերու կերտում եւ վերակերտում. ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան

Ես չեմ տատամսիր, ինքզինքիս ասպարէզ կարդալով  յաղթահարելու որեւէ խնդիր: Բայց գտայ յօդուած մը, AMAA News-ի 2015-ի սկիզբի յատուկ համարին մէջ, օգտագործելու յարմար  AMAA News-ի այս «շինարարութեան» համարին մէջ, որ նուիրուած է այն ամենուն, ինչ կը վերաբերի հայ աւետարանական կառուցելու եւ վերակառուցելու ասպարէզին: 

 4 Օգոստոս 1979-ին ես եւ ընտանիքս վայրէջք կատարեցինք Լոս Անճելոսի միջազգային օդակայան՝ որպէս ներգաղթեալներ դէպի «ազատներու երկիր եւ խիզախներու տուն»: Ջերմօրէն դիմաւորուեցանք ընտանիքի այլ անդամներու կողմէ, որոնք  կը տօնէին հարազատներու միացումը « կարմիր եւ կապույտ երկինքի» տակ: Մեքենաներու  կարաւանը շարժեցաւ դէպի քաղաք։

Մեր ժամանումէն մէկ ամիս առաջ՝ 4 Յուլիս-ին, Ամերիկան նշած էր իր ծննդեան 203-րդ տարեդարձը։ Մենք 203 տարի ուշացած ժամանեցինք, բայց ուրախութեամբ ճամբորդեցինք դէպի նոր աշխարհի աւետեաց երկիրը:

Երբ կ’անցնէինք Լոս Անճելըսի փողոցներով, նկատեցի յաջորդական շինարարական հրապարակներ: Ոմանք մեծ, ոմանք փոքր, ուր տիպական շինարարութեան փայտէ շրջանակի բաց շագանակագոյնը առատօրէն առկայ էր: Պատկերն այնքան տպաւորիչ էր, որ դարձայ եւ Սոնային կատակով ըսի.-«թէեւ 203 տարի ուշացած ենք, բայց  շինարարութիւնը տակաւին չէ աւարտած»։

Քառասունհինգ տարի անցած է այդ ամառնային յիշարժան օրէն, բայց շինարարութիւնը երկրին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ տակաւին չէ աւարտած: 

Կառուցումը երբեք ալ  չաւարտիր. Ան շարունակական երեւոյթ է։ Այս առողջ տնտեսութեան նշան է եւ յառաջդիմութեան չափանիշ ։ Այն սկսած է արարչութեան օրերէն եւ միայն կրնայ աւարտիլ անոր վերացումով:

Թէեւ այս գործընթացը կրնայ նման ըլլալ ՝ փայտէ շրջանակներու, երկաթէ ձողերու, շաղախի կամ ապակիի, սակայն մերը փոքր այլ է: AMAA-ի կամ AMAA-ի հետ առնչուած շինարարական կառոյցները, որոնց դուք առատօրէն կը հանդիպիք AMAA News-ի այս համարին մէջ, զուգահեռ կ’ընթանան կեանքերու շինարարութեան եւ վերակառուցման հետ: Երբ կը  կառուցուին դպրոցներ, եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, ճամբարներ, բժշկական դարմանատուներ, ապաստարաններ եւ մանկապարտէզներ, կ’իրականանան  պատկերացուած երազանքներն ու բաշխուած ուրախութիւններն ու պարգեւները, այս բոլորը կը միտին իրագործելու ամբողջական նպատակը:

 

Զաւէն Խանճեան

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն