image

Ալպէրթ Իսկիկեանի յիշատակին...

Ալպէրթ Իսկիկեանի յիշատակին...

  Բնիկ լիբանանահայ Ալպէրթ Իսկիկեան օրերս մահացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

 Այս առթիւ «Արեւելք»ի բարեկամուհի  եւ հանգուցեալի զարմիկ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կատարած է սրտառուչ գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Սիրելի հօրեղբօրորդիս Ալպէ՛րթ, ո՞վ կ՚ըսէր, որ սա մեր վերջին հանդիպումը պիտի ըլլար...:

Բոլոր քեզ ճանչցողներս այսօր խոր կսկիծով կոտտանք բաժանումդ, միաժամանակ արդարօրէն կը վկայենք քու բարեմասնութիւններդ՝ բարութիւնդ, անձնուէր ու ծառայասէր հոգիդ, ընտանիքիդ ու բարեկամներուդ հանդէպ անսակարկ սէրդ, միշտ գոհունակ ու ժպտուն ներկայութիւնդ, ի նպաստ ազգին ու եկեղեցիին կատարած ծառայութիւններդ, երաժշտասիրութիւնդ ու յատկապէս այլազան նուագարաններ նուագելու տաղանդդ ( trombone, french horn, euphonium, violin), որ վաղ երիտասարդութենէդ մինչեւ օրս այլազան եկեղեցիներու սրահներէն ներս հնչեցուցիր՝ Պէյրութէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։

Այս Ծննդեան տօնին դժբախտաբար պիտի չկարենաս եկեղեցւոյ սրահը ջերմացնել քու նուագովդ։ Կարելի՞ է պատկերացնել Ծննդեան երգերը առանց քեզի։ Քրոջմէդ իմացայ, որ երգելով մահացար…։

Իմացիր, որ սիրելիներուդ միակ մխիթարութիւնը այն է, որ այժմ կը գտնուիս երկնային Հօրդ տան մէջ եւ արժանի ես Տիրոջ խօսքին. « Ալպէ՛րթ, բարի պատերազմը պատերազմեցար, ընթացքը կատարեցիր, հաւատքդ պահեցիր»:

Խորին ցաւակցութիւններս բոլոր քեզ ճանչցողներուն, մասնաւորաբար տիկնոջդ՝ Ազնիւին, քրոջդ՝ Ռօզալինին, եղբօրդ՝ Ռօպէրթին եւ իրենց ընտանիքի անդամներուն։

Սիրելի՛, Ալպէ՛րթ, քեզ բնաւ չենք կրնար մոռնալ