image

Մարի «նէնէ»ի յիշատակին...

Մարի «նէնէ»ի յիշատակին...

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Մարթա-Մարի Կիւտէշեան-Գարողլանեանը, որ կը հանդիսանայ Այնճար հայկական գիւղի երէց սերունդի նուիրեալ ներկայացուցիչներէն մին: Այդ առթիւ իր թոռը՝ Վարագ (Հայր Վարագ) Թօփալեան ստորագրած է սրտառուչ գրութիւն մը: 

«Արեւելք» իր ընթերցողներուն հետ կը կիսուի այդ գրութիւնը:

Վարագ Թօփալեան կը գրէ՝ 

Մեծ մայր...մեծութիւն եւ մայրութիւն: Աստուածաշնչական արմատներով սնուած եւ մեծարուած բառեր:

Մեծ մայրս իր մահկանացուն կնքեց 95 տարեկան հասակին. թողելով ամէն ինչ գնաց միանալու իր հարազատներուն, որոնք վստահ կը սպասէին զինք:

Որպէս անդրանիկ թոռը Մարի «նէնէ»ին, չէի կրնար լուռ մնալ եւ իմ ապրումները թուղթին չյանձնել, մանաւանդ որ ներկայ չէի թաղման կարգին՝ վերջին հրաժեշտին։ Սակայն խիղճս շատ հանգիստ է, ամիս  մը առաջ տեսայ, զրուցեցի եւ ստացայ օրհնութիւններդ, լսեցի խրատներդ ու վերջին անգամ ձեռքդ համբուրեցի:

Մեծ մայրս՝ բարեկամս հայելին էր պահանջատէր ժողովուրդի մը, իր վերջին խօսքերէն մէկն էր «...մեզի սապապ եղողին...»: Ան մուսալեռցիներու դեսպաններէն մին  էր: Թէեւ 95 գարուններ ապրեցաւ Այնճարի մէջ, սակայն հոգւով, սրտով եւ մտքով Մուսա Լեռ էր: Կարօտը ունէր իր սիրած Մուսա Լերան, անոր ջուրին, հովին, հացին ու արեւին: Մահամերձ վիճակին մէջ ջուր ուզեց Հիլտա մօրաքոյրէս, խմեց, բայց չյագեցաւ, Մուսա Լերան ջուրը ուզեց, պոռաց «այս ինչ ջուր է, համ ունի..., Մուսա Լերան՝ Պիթիասի ջուրն ուրիշ է...» ու սկսաւ լալ:

Այս էր իմ մեծ մայրս, իմ բարեկամս, շէնքի տիկին Մարին եւ շատերու Մարի «նէնէ»ն: Տարագիր ժողովուրդի ներկայացուցիչը:

Ան ծնած է 1930-ին եւ մանկութիւնը ապրած Պիթիաս (Մուսա Լեռ): Մանուկ հասակին կը կորսնցնէ սիրասուն մայրը: Քրոջ եւ քառասունօրեայ եղբօրը հետ որբ ու անտէր կը մնայ Երուսաղէմ «նէնէ»ին հոգատարութեան, մինչեւ հայրը նոր մայր կը բերէ իրենց:

Գիւղացիներուն պնդումներուն հակառակ մամա կը կանչեն նոր մայրիկին եւ վերջինս հարազատ մօր նման կը խնամէ որբերը իր երեք զաւակներուն հետ: 

Տարագրութեան լուրը ստացած գաղթի ճամբան կը բռնեն: Կը հաստատուին Այնճար: Հիւանդութեան պատճառաւ փոքրիկ Մովսէսը կը մահանայ եւ այդ կ'ըլլայ իր երկրորդ ցաւը: 

Մեծ մայրս հասակ առած է Այնճարի մէջ եւ միշտ Մուսա Լերան կարօտով ապրած ու տոչորուած: Կեանքը բնորոշուած է տառապանքով, ցաւով ու կսկիծով, բայց միշտ յաղթահարած: Երուսաղէմենց գերդաստանի զաւակն էր, Աստուածավախ, Աստուածասէր եւ եկեղեցասէր:

Այնճարի մէջ  կը գտնէ իր կեանքի ընկերը՝ ազնիւ, բարի, աշխատասէր Սարգիս պապուկս: Կը կազմեն նուիրական ընտանիք բախտաւորուելով 2 տղայ եւ 4 աղջիկ զաւակներով, որոնցմէ մէկը իմ մայրս է: Հարեւաններու վկայութեամբ «չէինք գիտեր, որ այդ տունին մէջ 6 երեխայ կար»:

Մեծ մայրս եղած է թեւ ու թիկունք իր ամուսնոյն, միասին դաստիարակած են իրենց զաւակները, դժուար պայմաններու մէջ տեղ հասցուցած են զանոնք, նաեւ մեծցուցած, որ ըլլան հայրենասէր:

Կեանքի ընթացքին կորսնցուց ամուսինը, իր սիրասուն աղջիկը՝ մօրաքոյրս եւ թոռնիկը: Թեւաթափ տոկաց, ցաւը իր սրտին մէջ յաղթահարեց աղօթքով  եւ օրհնութեամբ:

Մեծ մայրս  ապրող «դասագիրք» մըն էր մեզի համար: Մեծ տպաւորութիւն ձգած է իմ վրաս: Ամէն առաւօտ լուսահոգի Սոնա մօրաքոյրս «Լոյս»-ը կը կարդար յետոյ կ'երթար գործի: Մօրաքրոջս մահէն ետք այդ նուիրական պարտականութիւնը ժառանգեց փոքր մօրաքոյրս Հիլտան:

Ան ցաւով եկաւ աշխարհ, ցաւով ապրեցաւ ու ցաւը սրտին մէջ հեռացաւ կեանքէն: 

Երկար տաիներ, լուսահոգի քոյր Հերվիկին օրերէն, աշխատած է Հայ Աւետարանական գիշերօթիկ շէնքին մէջ, հազարաւոր հայորդիներ ճաշակած են տիկ. Մարիին օրհնեալ ձեռքին պատրաստած աղն ու հացը:

Որպէս իր մեծ թոռը, իր սիրած բառը՝ բարեկամը եւ որդւոյն կնքահայրը շատ հպարտ եմ, որ Մարի «նէնէ»ն իմ «նէնէ»ս է, որ ինծի համար եղած է ու կը մնայ մեծատառ օրհնութիւն: 

Այսօր քու սառ հողաթումբիդ առջեւ բոլոր խօսքերդ ու խրատներդ կը յիշեմ: Զոյգ մը վառ մոմ եւ պտղունց մը քու տուած Մուսա Լերան ծխնելիքով խունկ քու անթառամ յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ բարեկամ ջան եւ արժանանաս երկնային անթառամ պսակին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն:

 

Քեզ միշտ սիրող՝
Բարեկամ թոռնիկդ՝

Վարագդ

26 ապրիլ, 2025: