image

«Ալիեւի հետ երկկողմ բանակցութիւնը վտանգաւոր է, լինելու է պարտուողի ու յաղթողի խօսակցութիւն»․ Արմէն Ռուստամեան

«Ալիեւի հետ երկկողմ բանակցութիւնը վտանգաւոր է, լինելու է պարտուողի ու յաղթողի խօսակցութիւն»․ Արմէն Ռուստամեան

Իլհամ Ալիեւի թիւ մէկ նպատակն է ՀՀ-ի հետ երկկողմ բանակցութիւններ վարել, եւ որոշ տեղ փակուղիի մէջ յայտնուած բանակցութիւնները տեղափոխել իր առաջարկած դաշտ։ Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին նման կարծիք յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը։

Անոր համոզմամբ՝ Ալիեւի նկատմամբ ճնշումներ կը գործադրուին այն մասով, որ վերջինս կը հրաժարի արեւմտեան հարթակներու վրայ բանակցութիւններ կայացնելէ։

«Գերիներին վերադարձնելով Ալիեւը ցոյց է տալիս, թէ տեսէք՝ երբ մենք երկկողմ բանակցում ենք, ինչպիսի դրական արդիւնքներ ենք արձանագրում։ Սա կարող է տանել խաղաղութեան պայմանագրի ամբողջացմանը եւ բանակցութիւնների տեղափոխմանը երկկողմ դաշտ»,-ըսած է ան։

Ըստ ընդդիմադիր պատգամաւորի, սակայն, երկկողմ բանակցութիւնները վտանգաւոր է, պիտի ըլլայ պարտուողի եւ յաղթողի խօսակցութիւն, պիտի կորսուի նաեւ միջազգային միջնորդներու դերը։