Ապրիլ 21-ին Ալիեւը ժամանած է բռնագրաւուած հայկական Շուշի, ուր այսօր՝ Ապրիլ 22-ին տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ատրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարը:
Ինչպէս հաղորդուած էր աւելի վաղ, միջոցառման կը սպասուի 65 երկրէ շուրջ 400 ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը: Համագումարի բացման պաշտօնական արարողութենէն յետոյ նախատեսուած են սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի գործունէութեան հաշուետուութեամբ ելոյթներ եւ քննարկումներ: