Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերին, այցելած է Սուրբ Մեսրոպ մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքի շինարարական գործադաշտը, ընկերակցութեամբ քաղաքապետութեան հայ խորհրդականներու, մանկապարտէզի խնամակալներու, շինարարութեան պատասխանատուներու:
Քաղաքապետը այս մասին հետեւեալ գրառումը կատարած է Թուիթըրի իր հաշիւին.
«Այս առաւօտ այցելեցի Սուրբ Մեսրոպ մանկապարտէզի շինարարական գործադաշտը: Մեր երեխաները պիտի օգտուին իրենց կրթութեան համար լաւագոյն պայմաններէ, ինչ որ Ալֆորվիլի մէջ մեր հիմնական առաջնահերթութիւնն է»: