ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Ալեքսան Յարութիւնեան նշանակուած է ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
ՀՀ Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով Ալեքսան Յարութիւնեան ազատուած է Արժանթինի, Արեւելեան Ուրուկուէի, Փերուի եւ Չիլիի հանրապետութիւններուն մէջ վարած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: