image

Ալավերդիի մէջ իշխանութիւնը կախեալ է ՀԱԿ-ի մէկ քուէէն

Ալավերդիի մէջ իշխանութիւնը կախեալ է ՀԱԿ-ի մէկ քուէէն

Ալավերդի խոշորացուած համայնքի ՏԻՄ ընտրութիւններուն քաղաքական 4 ուժերէն ոչ մէկը յաջողած է 50 տոկոսէն աւելի ձայն ստանալ։ Աւելի շատ ձայն ստացած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 6 791, ապա «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը՝ 6 557 ձայն,  «Հայ ազգային քոնկրէսը 340 ձայն, եւ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը՝ 316 ձայն։

Թիւ 24 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վռամ Վանեան NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ նախնական տուեալով, «Ապրելու երկիր»ն ու «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը պիտի ստանան 13 մանթատ, իսկ «Հայ ազգային քոնկրէսը» թէեւ չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը, բայց օրէնքի ուժով՝ 1 մանթատ պիտի ստանայ։

ՏԻՄ ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը 4 տոկոսն է, բայց համաձայն օրէնքի, համայնքի կառավարումը պէտք է կազմուած ըլլայ երեք ուժէ։ Սա կը նշանակէ, որ անցողիկ շեմը չյաղթահարած ՀԱԿ–ը, օրէնքի ուժով պիտի ստանայ մէկ մանթատ։

Փաստօրէն, ՀԱԿ–էն կախեալ է, թէ որ ուժը պիտի ստանձնէ տեղական իշխանութեան կառավարումը Ալավերդի խոշորացուած համայնքին մէջ։

Դաշինք կազմելու վերաբերեալ քննարկումներ կա՞ն ՀԱԿ–ի հետ, հարցրին «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան աւագանիի ցուցակը գլխաւորող Արկադի Թամազեանը պատասխանած է. «Այդ հարցին հիմա չեմ կարող պատասխանել, քաղաքական գործընթացներ են, հիմա ոչինչ չեղած ձեզ ի՞նչ պատասխանեմ։ Այս պահին դեռ ոչ մի քննարկում չկայ»։