image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ժամանակի գործօնը ռազմական եւ բանակցային գործընթացներուն վրայ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ժամանակի գործօնը ռազմական եւ բանակցային գործընթացներուն վրայ

Խնդիրը բանակցային գործընթացի ճակատագիրի կը վերաբերի: Իսկ այստեղ առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի անոր հանգուցային ըլլալը կամ դրական փուլ չապահովելը: Հետեւաբար տեղ կայ մտածելու, որ նոր ճնշումներով պիտի վերանախաձեռնուին բանակցութիւնները:

Կիրակի օրուան Հըզպալլա – Իսրայէլ ռազմական գործողութիւններէն ետք երկկողմանիօրէն կատարուած յայտարարութիւնները որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդեն:

Անշուշտ, բացարձակ եզրակացութեան յանգիլը եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կանխատեսումներ կատարելը բարդ է եւ անիրատեսական, պարզ այն պատճառով, որ տեղեկատուական պատերազմը կ՛ընթանայ ռազմականին զուգահեռ, եւ իւրաքանչիւր կողմ իւրովի կը մեկնաբանէ իր ձեռնարկած գործողութեան արդիւնքը:

Նախ արձանագրենք այն, որ Հըզպալլա Իսրայէլի կողմէ իր զինուորական պատասխանատուին ահաբեկման եւ հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումին հակադարձութեան առաջին փուլը կատարուած նկատեց` յաւելեալ պարզաբանելով, որ եթէ արդիւնքը բաւարար չնկատուի, ապա հակադարձութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:

Այս ինքնին կ՛ենթադրէ մէկ կողմէ հակադարձութեան կայացումը, սակայն միւս կողմէ նաեւ հակադարձութեան շարունակման կարելիութիւնը բաց պահելը:

Ժամանակի յետաձգման, բայց միեւնոյն ատեն գործողութիւնը կայացած նկատելու այս դիրքորոշումին վերաբերող յայտարարութեան այս բաժինը եւս նկատառելի է. «Այն, ինչ որ ծրագրուած էր, աւելիով իրականացաւ»:

Այս առումով մէկ արձանագրում եւս. հակադարձութիւնը թիրախային էր եւ պահած ռազմախաղի կանոնները` ռազմակայան հարուածելու եւ ոչ թէ բախումները ընդհանրացնելու առումով:

Համապարփակ պատերազմի հաւանականութիւնը ժամանակի առումով հեռացնելու ակնարկ կը կատարէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը, երբ կ՛ընդգծէ, որ Հըզպալլայի դէմ պատերազմը հեռաւոր ապագային կը նախատեսուի եւ ոչ թէ հիմա:

Պարզ է, որ Հըզպալլայի առաջնորդին եւ պաշտօնական Թեհրանի յայտարարութիւնները համակարգուած են: Իրանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարը կը յայտնէ, որ Համասի ղեկավարին սպանութեան վրիժառումը հաստատ է, կ՛ակնարկէ կիրակի օրուան գործողութեան եւ ապա կը հաստատէ, որ Դիմադրութեան առանցքը պիտի շարունակէ անկախ գործել: Մինչ, Հըզպալլայի առաջնորդը նոյն շրջածիրին մէջ յայտնեց, որ իրենց իրականացուցած հակադարձութենէն ետք Իրանի եւ հուսիներու հակադարձութիւնները պիտի ըլլան:

Կ՛ենթադրուի, որ միայն յայտարարողական մակարդակի վրայ չէ համակարգումը: Մարտավարական ոճն ալ այս հետեւողութեամբ կրնայ գործադրուիլ: Այսինքն` թիրախային, սահմանափակ: Մանաւանդ որ Թեհրանը յայտարարած էր, որ այնպիսի պատասխան կը խոստանայ, որ չազդէ բանակցութիւններու դրական ընթացքին վրայ:

Այստեղ եւս այլ նոյնութիւն կը նկատուի: Հըզպալլայի մէկ պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ»-ին կը մեկնաբանէր, որ իրենց հակադարձութեան որոշման մէջ կայ նախանձախնդրութիւն, որպէսզի գործողութիւնը համապարփակ պատերազմի ծագման չյանգեցնէ:

Եթէ Իրանն ու իր ազդեցութեան ներքեւ գործող միաւորները կը խօսին գործողութիւնները սահմանափակ պահելու նախանձախնդրութեան մասին, ապա Թել Աւիւի ներկայացուցիչները կը խոստանան ընդհանուր պատերազմ` թէկուզ ժամանակի յետաձգումով:

Այս մօտեցումը որքան սպառնական կամ ռազմագիտական հիմնաւորումներ կրնայ ունենալ, նոյնքան նաեւ ներիսրայէլեան, նկատի ունենալով թէ՛ հասարակական բողոքը եւ թէ՛ միջազգային ճնշումները Իսրայէլի վարչապետին վրայ:

Ժամանակի յետաձգումը սակայն չի նշանակեր անպայման, որ տարածաշրջանը կ՛առաջնորդուի դէպի համապարփակ պատերազմ: Որքան ալ Թել Աւիւը սպառնայ կամ նման բարձրառաստաղ խոստումներ հրապարակէ, այդուհանդերձ ռազմախաղի կանոնները կը շարունակեն պահպանուիլ. իսկ հիմա Իսրայէլ չի խօսիր հակադարձութեան մասին, որովհետեւ տեղեկատուական պատերազմի շրջածիրին մէջ յայտարարած է արդէն, որ իրականացուցած է կանխարգելիչ գործողութիւն եւ չէզոքացուցած Հըզպալլայի յարձակումի ծրագիրը:

Այս ամբողջ նախադրեալային հոլովոյթը հետեւցնել կու տայ`

– Հըզպալլան իրականացուցած է հակադարձութիւնը, բաց պահելով անոր փուլային տարբերակի կարելիութիւնը,

– Դիմադրութեան առանցքը տակաւին պատասխանելու որոշում ունի,

– Հակադարձութիւնները պիտի ըլլան թիրախային, սահմանափակ,

– Իսրայէլ, գէթ յայտարարողական մակարդակով հեռաւոր ապագային կը ձգէ Հըզպալլայի դէմ պատերազմը:

Խնդիրը բանակցային գործընթացի ճակատագիրի կը վերաբերի: Իսկ այստեղ առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի անոր հանգուցային ըլլալը կամ դրական փուլ չապահովելը: Հետեւաբար տեղ կայ մտածելու, որ նոր ճնշումներով պիտի վերանախաձեռնուին բանակցութիւնները:

 

«Ա.»