image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պարանաձգումի Խաղի Շարունակութիւն

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պարանաձգումի Խաղի Շարունակութիւն

Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններու գործընթացը նոր խոչընդոտներու առջեւ է: Կայ յստակ տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն համեմատական լաւատեսութեան եւ ամերիկեան անհամաձայնութիւններուն միջեւ: Փաստօրէն Թեհրանի կատարած լրացուցիչ առաջարկներուն համաձայն չէ Ուաշինկթընը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ բանակցութիւնները կը դադրեցուին. հիմա կը սկսի նոր շրջափուլ` նոր առաջարկներ, նոր միջնորդութիւններ, նոր համաձայնութիւններ կամ առարկութիւններ: Կը թուի, որ ընդհանուր համաձայնութեան յանգելէն աւելի այս փուլին նպատակը բանակցելու գործընթացը պահպանելն է: Բնականաբար զուգահեռ տեղի կ՛ունենան քաղաքական առեւտրային իրադարձութիւններ:

Այս պարանաձգութիւնը լաւագոյնս բնորոշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի յայտարարութեան մէջ, թէ` «հիւլէական համաձայնութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ, եւ իրանեան առաջարկին ամերիկեան պատասխանը տրամաբանական է:  Հիւլէական համաձայնութեան յաջողութիւնը շուկաներուն մէջ յաւելեալ քարիւղի գոյութիւն պիտի նշանակէ»:

Ըսել կ՛ուզուի, որ հակառակ ամերիկեան անհամաձայնութեան կամ առարկութիւններուն, գործընթացը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ: Պատգամը վերջին բաժինին մէջ է, թէ կայանալիք համաձայնութիւնը համաշխարհային շուկային վառելանիւթ պիտի ապահովէ:

Ռուսական ուժանիւթին փոխարէն իրանեան ուժանիւթ կամ` այլընտրանքային շուկաներու որոնումի շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն այս յայտարարութիւնը, այլ նաեւ ընդհանրապէս իրանեան ապաշրջափակում եւ ռուսական մեկուսացում աշխարհաքաղաքական գործընթացը: Իսկ այս առումով կը թուի, որ դերերու բաշխումով Եւրոպան ընդունելի միջնորդի դերը շարունակելու տուեալները ունի: Միջնորդութիւն` իրանեան լրացուցիչ առաջարկներուն եւ ամերիկեան առարկութիւններուն միջեւ:

Ամերիկեան անհամաձայնութիւնը առարկայացաւ սուրիական տարածքներու վրայ իրանեան յենակէտներ հարուածելով: Գործողութիւն, որ ունեցաւ պատասխան, այս անգամ իրանեան կողմէն: Սահմանափակ ռազմական գործողութիւններ` բանակցութիւններու ելեւէջներուն համընթաց:

Այս տեղատուութեան ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ կը զգացուի ծովային սահմանագծման գործընթացին առած կանգառով: Բոլոր յայտարարութիւնները կը յուշէին համաձայնութեան անմիջականութեան մասին: Կը թուի, որ համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալու առումով նոյն լաւատեսական մթնոլորտը մշուշապատուած է: Մագոգային այցելութիւններով երթեւեկող ամերիկացի բանագնացը այս հանգրուանին իր փոխանցումները պիտի կատարէ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ եւ ոչ թէ շրջան այցելելով: Հիմնական, բեկումնային համաձայնական պահ մը կ՛ենթադրէր անձնական այցելութիւն:

Ըստ էութեան պարանաձգութիւն, ըստ քաղաքական ձեւակերպումի` բանակցային գործընթաց, այնուամենայնիւ քննարկումները,  միջնորդաւորուած առաջարկներն ու առարկութիւնները պիտի շարունակուին կողմերէն եւ միջնորդներէն: Պահը յայտնաբար չէ հասունցած նոր իրավիճակ ստեղծելու: