image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգեակի փոխանցած շեշտադրումները

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգեակի փոխանցած շեշտադրումները

Հնգեակի մէջ մեծ բացական Իրանն է, որ ազդեցիկ գլխաւոր խաղցող է ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Պարզ է եւ քաղաքականօրէն ըմբռնելի, որ առանց Թեհրանին ո՛չ սահմանազատումը, ո՛չ ալ նախագահական ընտրութիւնը կը կայանան: Ինչպէս էր պարագան ծովային սահմանազատումին:

 

 

Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ ուշագրաւ շարժումներ կ՛երեւին: Հիմնականին մէջ խօսքը Լիբանանի թղթածրարով զբաղելու լիազօրութիւն ստացած միջազգային հնգեակի մասին է, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ձեւաչափով հանդիպումներ կ՛ունենայ ազդեցիկ կեդրոններու հետ եւ յայտարարութիւններ կը կատարէ:

Այդ յայտարարութիւնները ներառած են երկու առանցք եւ կը նախանշեն դէպի նախագահի ընտրութիւն առաջնորդող ճանապարհային քարտէսի ընդհանուր ուղղութիւնները:

Առանձնացնենք այդ երկու կէտերը:

Հնգեակի առաքելութեան  կողմէ Եգիպտոսի դեսպանը կը յայտարարէր, որ դեսպաններուն իրականացուցած նուաճումը այն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը համոզուեցան, թէ միայն համախոհութեամբ կարելի է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

Նախապէս այս առաջադրանքը շատ կ՛արծարծուէր. յայտարարողական մակարդակի վրայ կար այն մօտեցումը, որ որեւէ կողմ իր թեկնածուն չի կրնար պարտադրել միւս կողմին եւ թէ միայն համաձայնութիւնն է, որուն վրայ կրնայ կայանալ ընտրութիւնը: Հիմա հնգեակը ներկայացնողը նուաճում կը նկատէ այս կէտին արձանագրումը:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ կողմերու առաջադրած եւ շրջանառուած անուններէն դուրս այլ համախոհական անունի մը մասին է որոշումը: Թէեւ չի բացառուիր նաեւ այդ ընտրանքը: Դիտարժանը այս պարագային այն է, որ հնգեակի ներկայացուցիչները իրենց համակողմանի հանդիպումներէն ետք իբրեւ նուաճում կ՛արձանագրեն այս եզրակացութիւնը:

Անցնինք երկրորդ առանցքային կէտին: Հնգեակը թեկնածուներու մասին չէ, որ կը խորհրդակցի, այլ` յանձնառութեան մասին, որ եթէ քաղաքական ուժերուն կողմէ ապահովուի, ապա աւելի դիւրին պիտի ըլլայ թեկնածուներու անունները առաջադրելը:

Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ համախոհական թեկնածուի անունին շուրջ բանակցելու փոխարէն, յանձնառութեան սկզբունքին շուրջ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: Յանձնառութեան արձանագրում պէտք է համախոհական թեկնածու որդեգրելու եւ մանաւանդ ընտրութեան ներկայանալու եւ կայացած համաձայնութիւնը իրականացնելու քուէարկութեամբ:

Կարելի է առարկել անշուշտ, որ այս բոլորը որեւէ երաշխիք չեն, որ երկիրը կ՛առաջնորդուի դէպի նախագահական ընտրութիւն: Բայց հնգեակի հրապարակումներուն մէջ կան ընթացակարգի մը մեկնարկին կամ ճանապարհային քարտէսի մը գծագրման նախադրեալներ:

Այս բոլորի փոխանցման առընթեր հնգեակը թափ կը հաղորդէ բոլոր կողմերուն հետ հանդիպումներու աշխուժացման: Զուգահեռ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, որ հիմնական որոշումներու կայացման մէջ ազդեցիկ անձնաւորութիւններ կը հրաւիրուին Տոհա` ներդրում ունենալու համար օրակարգի կատարողականութեան արագացման մէջ:

Այս գործընթացները կ՛արձանագրուին հարաւային Լիբանանի հատուածին մէջ պատերազմի համեմատական հանդարտեցումի խորապատկերին վրայ: Արեւմուտքի կողմէ պատուիրակներու դերերու համակագրումը պարզ է: Ամերիկացի պատուիրակը Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատումի առաջադրանքը կը փորձէ հետապնդել, մինչ Փարիզի ներկայացուցիչը, թէկուզ հնգեակին կողմէ լիազօրուած` նախագահական ընտրութեան օրակարգը:

Հնգեակի մէջ մեծ բացական Իրանն է, որ ազդեցիկ գլխաւոր խաղցող է ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Պարզ է եւ քաղաքականօրէն ըմբռնելի, որ առանց Թեհրանին ո՛չ սահմանազատումը, ո՛չ ալ նախագահական ընտրութիւնը կը կայանան: Ինչպէս էր պարագան ծովային սահմանազատումին: