image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յարձակումներու արարներ, զգուշացման յուշումներով

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յարձակումներու արարներ, զգուշացման յուշումներով

Հարաւային Լիբանանէն դէպի Պէյրութ իսրայէլեան յարձակումներուն անցումը Թել Աւիւի կողմէ դրուած առաջադրանքներու մասին որոշ մտածումներու դուռ կը բանայ: Իսրայէլ ստեղծուած պահը կը փորձէ լիարժէք օգտագործել հաշուեյարդարները մինչեւ վերջ հասցնելու:

Իսրայէլեան ուժերը տակաւին չեն հեռացած լիբանանեան տարածքներէն: Անոնք ներխուժած են նաեւ Սուրիա, կը վերահսկեն որոշ ռազմագիտական դիրքեր, վերակահաւորած են Կոլանի բարձունքներուն իրենց ռազմական յենակէտերը, կ՛աշխատին ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Սուրիա – դրացի  երկիրներ  անցքերուն վրայ: Պահու լիակատար օգտագործման տեսութիւնը կ՛ամրապնդեն նաեւ Միացեալ Նահանգները, այս անգամ Եմէնի ուղղութեամբ կատարած իրենց օդային յարձակումներով:

Աւելի համապարփակ հայեացք մը կը նկատէ, որ ըստ էութեան Իրանի տարածաշրջանային յենակէտերն են, որոնք հարուածի տակ են եւ չեն ներկայացներ իրենց նախկին ուժականութիւնը: Իսրայէլ կը փորձէ այդ գործողութիւնները տանիլ մինչեւ վերջ:

Յայտարարուած պատճառ-պատրուակները այն են, որ Լիբանանի պարագային Հըզպալլան Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակած է, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ինք չկարենայ վերականգնել իր հիւսիսային շրջանին անվտանգութիւնը եւ չվերադարձնել այնտեղի բնակչութիւնը:

Հրադադարի հաստատումէն ետք խիստ տարակուսելի կը դառնայ այս առաջադրանքը: Իսրայէլ պիտի շարունակէ վտանգաւոր գօտի նկատել իր հիւսիսային շրջանը, յորդորել, որ բնակչութիւնը չվերադառնայ, որպէսզի արդարացում ունենայ շարունակելու իր գործողութիւնները կամ ընդհանրապէս խախտելու հրադադարը:

Հատասի յարձակումը նախաբան ունէր: Նախազգուշացում  պարպելու թաղամասը, լուսանկարային հրապարակում ճշդուած թիրախի, զգուշացման հրթիռակոծում, ապա օդային յարձակումով շէնքի փլուզում: Յայտարարուած պատճառը` Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու սարքերու շտեմարանի ոչնչացում: Պատահարները կը յուշեն, որ եթէ ամբողջական պատերազմի վերադարձ չէ տեղի ունեցածը, ապա հրադադարի խախտումի իրաւունքի նուիրականացում: 5 բլուրներու գրաւումով, զօրքը Լիբանան պահելով եւ մանաւանդ իր կողմէ ճշդուած որեւէ պահու յարձակում իրականացնելով:

Ուշագրաւ էր Իսրայէլի մամուլին կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին  վերագրուող յայտարարութիւնը, առ այն, որ  ան թելադրած է Իսրայէլին չհարուածել նաւահանգիստը, օդակայանը, կենսատու աղբիւրները: Առաջին հայեացքով մարդասիրական կամ քաղաքացիներու կեանքերն ու երկրի կենսագործունէութիւնը փրկել ուզող այս յայտարարութիւնը քաղաքական ընթերցումի կը կարօտի: Եզրակացնելու համար այն, որ այլապէս կ՛արդարացուին հրադադարի խախտումները, թիրախներ հարուածելը, շէնքեր փլուզելը:

Աւելի՛ն. կայ քաղաքական ուղերձ` հնչած Ուաշինկթընէն: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը կը յայտնէր, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի դատուի, որովհետեւ լիբանանեան տարածքներէ յարձակում գործադրուած է Իսրայէլի դէմ: Եւ թէ` անոր պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի դրացիներուն վրայ յարձակումները արգիլելը: Յայտարարութեան մէջ կար նաեւ զօրակցութիւն Իսրայէլին` Լիբանանէն իր ուղղութեամբ հրթիռարձակման հակադարձելուն:

Յստակ չէ, թէ Ուաշինկթընը ի՞նչ պատկերացում ունի «կառավարութիւն դատել» ըսելով: Ամերիկեան դատումն ու դատավճիռները նախ եւ առաջ պատժամիջոցներու մասին կը յուշեն: Այդ չէ սակայն առնուելիք քայլը: Մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ կատարուող ուղղութեան փոփոխութիւնը նման բեմագրութիւններ չի նախատեսեր: Այս յայտարարութիւնը ճնշում է Պէյրութի վրայ` բանակի տեղակայումները ընդլայնելու, զէնքի միաւորումը արագացնելու: Այս յայտարարութեան համապատասխան ներքին յայտարարութիւններ ալ կը հնչեն, առ այն, որ եթէ բանակը չկարենայ զէնքի միաւորումը իրականացնել, ապա անիկա պիտի ընէ միջազգային ընտանիքը:

Ֆրանսայի կեցուածքը այս բոլորին մէջ կը տարբերի ամերիկեանէն: Ֆրանսայի նախագահը իր լիբանանցի պաշտօնակիցը ընդունելու առիթով զօրակցեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին, որ ականատես դարձաւ իսրայէլեան յարձակումներով յատկանշուող հրադադարի խախտումներուն:

Այս բոլոր նախադրեալները կը նախանշեն, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ հրադադարի համաձայնութիւնը խախտել, որեւէ ատեն իբրեւ հակադարձութիւն ներկայացնել իր  կողմէ գործադրուած յարձակումները եւ շարունակել պահել իր զօրքերը լիբանանեան տարածքներու վրայ:

Այս ռազմարարները պիտի շարունակուին: Իսրայէլը պիտի զգուշացուի ոչ թէ չյարձակելու, այլ ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը արգելակող յարձակումներ չիրականացնելու:

«Ա.»