image
Հրատապ լուրեր:

Ահաբեկչութիւն Իրանի Շիրազ նահանգին մէջ. Կան զոհեր (լուսանկար)

Ահաբեկչութիւն Իրանի Շիրազ  նահանգին մէջ. Կան զոհեր (լուսանկար)

Առնուազն երկու մարդ զոհուած է Իրանի հարաւային կողմը գտնուող Շիրազ քաղաքի սրբավայրի վրայ յարձակման հետեւանքով, յայտնած է IRNA-ն:

Լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ յարձակումը, որ տեղի ունեցած է կիրակի երեկոյեան, ուղղուած եղած է Շիրազի կեդրոնին մէջ գտնուող իրանեան սրբավայրի՝ Շահ Չերախի դամբարանի դէմ։

Նշուած է, որ յարձակողը կրակ բացած է մարդոց վրայ՝ երբ սրբավայրի դարպասներու մօտ բախած է պահակներուն։

Միջադէպի վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն դեռ չէ ստացուած։

Շահ Չերախի դամբարանը անցեալ տարուան հոկտեմբերին խոշոր ահաբեկչութեան թիրախ դարձած էր, որու հետեւանքով զոհուած էր 15 մարդ։