image

Ֆլորիտա նահանգին մէջ անտառային hրդեհի մակերեսը հասած է 20 հազար քառ. քմ-ի

Ֆլորիտա նահանգին մէջ անտառային hրդեհի մակերեսը հասած է 20 հազար քառ. քմ-ի

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Պրովարտ շրջանի արեւմտեան մասին մէջ լայնածաւալ անտառային հրդեհ կը տարածուի։ Այն արդէն ընդգրկած է աւելի քան 20 հազար քառ. քլմ. տարածք, կը հաղորդէ «CBS News»-ը։

Ծուխը սկսած է տարածուիլ Փեմպրոք-Փայնս քաղաքի ուղղութեամբ, յայտնած են քաղաքի ոստիկանութենէն։ Բնակելի թաղամասերու շրջագիծին վրայ տեղակայուած են հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ՝ այն պարագային համար, եթէ կրակը մօտենայ տուներուն։ Բնակիչները կրնան բախիլ տեսանելիութեան վատթարացման եւ ծխապատման։

Հրշէջները տակաւին չեն յաջողած վերահսկողութեան տակ առնել հրդեհը։ Իշխանութիւնները չեն յայտնած, թէ արդեօք կը քննարկուի բնակելի թաղամասերու տարհանումը։ Տուժածներու մասին հաղորդումներ եւս չկան։