Վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Գրիգոր Մալէզեան, Թորոնթոյէն, Գանատա, միութեան «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանին նուիրած է Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մասնաճիւղի 100 տարուան պատմութիւնը վաւերագրող (1912-2012) երկու հազար նկարներու իր մեծարժէք հաւաքածոն: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի լրատուական հարթակներէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին «Մարզիկ» ամսագրի մէջ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Գրիգոր Մալէզեան, Թորոնթոյէն, Գանատա, միութեան «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանին նուիրած է Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մասնաճիւղի 100 տարուան պատմութիւնը վաւերագրող (1912-2012) երկու հազար նկարներու իր մեծարժէք հաւաքածոն:
Նկարները դասաւորուած են կաշեպատ երեք մեծ ալպոմներու մէջ: Բոլորը կը գտնուին լաւ վիճակի մէջ, ժամանակագրական կարգով, թուականներու եւ համապատասխան բացատրութիւններու արձանագրութեամբ: Ալպոմները կ'ընդգրկեն նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ի կարգ մը հրատարակութիւնները, ինչպէս` եգիպտահայ Ժ., ԺԱ, ԺԲ. եւ ԺԵ. աթլեթիկ մրցումներու (1956, 1957, 1958, 1962) պռոշիւրները:
Եղբ. Գրիգոր Մալէզեան 1964-1965 թուականներուն եղած է Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մասնաճիւղի սկաուտական պատասխանատուն։ Հետագային ան հաստատուած է Թորոնթօ, Գանատա։ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ի 100-ամեակին առիթով, եղբայրներ Հրաչ Տէր Սարգիսեանի եւ Յարութիւն Մաթէոսեանի հետ ան մաս կազմած է յոբելեար մասնաճիւղի Յուշամատեանի Յանձնախումբին: Յուշամատեանը հրատարակուած է 286 էջով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան առաջնորդող խօսքով:
Պատմական լուսանկարներու հաւաքածոյին ըստանձնման առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եղբ. Գրիգոր Մալէզեանը պատուեց գնահատագիրով մը :
Վարձքը կատար եղբ. Մալէզեանին՝ երկար տարիներու երախտաշատ աշխատանքին համար: Շնորհակալութիւն Լիբանանի Շրջանէն եղբ. Հրանդ Պետրոսեանին, որ իբրեւ կապ, կարեւոր ներդրում ունեցաւ նկարներու յայտնաբերման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին նուիրման եւ Լիբանան փոխադրութեան աշխատանքին մէջ: