image

77-ամեայ հայ միլիոնատէր Լարի Կակոսեանն իր մանկամարդ ընկերուհիին հետ կը մասնակցի Նիւ Եորքեան փառատօնին (Լուսանկար)

77-ամեայ հայ միլիոնատէր Լարի Կակոսեանն իր մանկամարդ ընկերուհիին հետ կը մասնակցի Նիւ Եորքեան փառատօնին (Լուսանկար)

Gagosian պատկերասրահի սեփականատէր եւ յայտնի արուեստի հաւաքորդ Լարի Կակոսեանը միացած է աստղերուն Նիւ Եորքի մէջ ամէնամեայ MoMA Garden Party-ին: Անոր ուղեկցած էր 27-ամեայ նկարչուհի Աննա Ուէյանթը, որու հետ աշխարհահռչակ 77-ամեայ արթ-տիլըրը կը հանդիպի աւելի քան երկու տարի։

Երկարամեայ ամուրի Կակոսեանի կարողութիւնը կը գնահատուի 600 միլիոն տոլար:

Մօտ չորս տարի առաջ Ուէյանթը փողոցին մէջ կը վաճառէր իր նկարները, իւրաքանչիւրը մօտ 400 տոլարով: Այդ ժամանակէն ան աստղ դարձած է արուեստի աշխարհին մէջ, քանի որ անոր քանի մը աշխատանքներ աճուրդներուն վաճառուած են աւելի քան 1 միլիոն տոլարով:

Նկարչուհին, որ առաջին անգամ ուշադրութիւն գրաւեց Instagram-ի մէջ իր նկարներով, 2022 թուականի մայիսին իր ընկերոջ՝ Կակոսեանի պատկերասրահներու հետ համաշխարհային ներկայացուցչութեան պայմանագիր ստորագրեց՝ Blum & Poe-ի տիլըր Թիմ Պլումի կողմէ պայմանագրի դաժան խախտումէն ետք:

Ուէյանթը եւ Կակոսեանը աղջկայ վերելքի մասին պատմած են անցեալ տարուան յունիսին Wall Street Journal-ի յօդուածին մէջ: «Ես պարզապէս կը փորձեմ անոր պաշտպանել մեծ ու վատ գայլերէն»,-ըսած է Կակոսեանը՝ պնդելով, որ երբ խօսքը կը վերաբերի Ուէյանթի ասպարէզի մասին քննարկումներուն, ան կը վերաբերի անոր այնպէս, ինչպէս իր պատկերասրահին մէջ գտնուող որեւէ այլ նկարչի։