Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի BRICS-ի գագաթնաժողովին: Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը:
Յիշեցնենք՝ Քազանի մէջ այսօր պիտի մեկնարկի BRICS-ի 16-րդ գագաթնաժողովը՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախագահութեամբ:
Գագաթնաժողովը պիտի կայցուի հոկտեմբեր 22-24-ը, որուն պիտի մասնակցի աւելի քան 30 երկրի ներկայացուցիչ:
Գագաթնաժողովի օրակարգն է ճգնաժամերը, բազմաբեւեռութեան ձեւաւորումն ու BRICS-ին նոր պետութիւններու անդամակցութեան հարցը: Գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Ռուսիոյ նախագահը շարք մը երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ: