image

Նախարար Միրզոյեան Իսթանպուլ մեկնելով պիտի մասնակցի «3+3»  ձեւաչափի ժողովին

Նախարար Միրզոյեան Իսթանպուլ մեկնելով պիտի մասնակցի «3+3»  ձեւաչափի ժողովին

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը պիտի մասնակցի «3+3» հարթակի հանդիպման, որ պիտի կայանայ հոկտեմբեր 18-ին, Իսթանպուլի մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

«Հաստատում եմ, որ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը կը մասնակցի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի երրորդ հանդիպմանը»,–ըսած է ան։

Նշենք, որ աւելի վաղ trthaber.com-ի հաղորդմամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը՝ նկատի ունենալով «3+3» ձևաչափը (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռուսիա, Իրան Թուրքիա-Խմբ.), յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները տարածաշրջանային երկիրներու հետ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի միջոցով։

«Մենք յոյսով ենք, որ հոկտեմբեր 18-ին, Իսթանպուլի մէջ կը հիւրընկալենք այս հարթակի երրորդ հանդիպումը, որ տարածաշրջանին տէր ըլլալու վառ օրինակ է եւ նպատակ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատել խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ համագործակցութիւն: Հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները», -ըսած է ան։

«3+3» ձեւաչափով նախորդ հանդիպումը կայացած էր Թեհրանի մէջ: