Աւելի քան 45 միլիոն մարդ 43 երկրէ կրնան բախիլ սովի խնդիրին: Այս մասին կ'ըսուի ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով վարչութեան՝ 2022 թուականի Համաշխարհային մարդասիրական տեսութեան մէջ:
«Ծայրայեղ աղքատութիւնը կրկին կ'աճի:… Քաղցը կը շարունակէ սարսափելի հեռանկար ըլլալ 45 միլիոն մարդու համար 43 երկրէ», կ'ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Կը նշուի, որ աշխարհի աւելի կարիքաւոր բնակչութեան օգնութիւն տրամադրելու համար 41 միլիառ տոլար կը պահանջուի: Ընդհանուր առմամբ, 274 միլիոն մարդ աշխարհի մէջ 2022 թուականին պիտի բախի անյապաղ օգնութեան եւ պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան, ինչ որ 17 տոկոսով աւելին է, քան նախորդ տարուայ տեսութեան տուեալը:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի՝ մարդասիրական հարցերով տեղակալ Մարթինա Կրիֆիթսի խօսքով՝ կլիմայական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած ճգնաժամը առաջին հերթին եւ աւելի շատ կը հարուածէ բնակչութեան ամենախոցելի խումբերը: Կրիֆիթս յաւելած է, որ անկայունութիւնը կը խորանայ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ՝ մատնանշելով Աֆղանիստանը, Մյանմարը եւ Եթովպիան:
Փաստաթուղթը կը ներառէ արձագանգման 37 ծրագիր 63 երկրի համար, այդ շարքին՝ Աֆղանիստանի, Հայիթիի, Եմէնի, Իրաքի, Գոլոմպիայի, Լիպիոյ, Մալիի, Մյանմարի եւ Ուքրանիոյ: