image

2020 -ը ամենաբարձր մահացութեան թիւ ԱՄՆ-ի մէջ. AP

2020 -ը  ամենաբարձր  մահացութեան թիւ ԱՄՆ-ի մէջ. AP

ԱՄՆ-ի մէջ այս տարի տարբեր պատճառներով, այդ շարքին՝ նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով, մահացած մարդոց թիւը կը գերազանցէ 3 միլիոնը եւ կը հասնի երկրի պատմութեան մէջ ամենաբարձր ցուցանշին: Այս կանխատեսումը տարածած է Associated Press տեղեկատուական գործակալութիւնը:

Լրատուականի հաշուարկներով՝ այս տարի ԱՄՆ-ի մէջ մահացածներու թիւը պիտի գերազանցէ 3,2 միլիոնը: Այդ շուրջ 400 հազարով աւել է (շուրջ 15 տոկոս), քան 2019 թուականի ցուցանիշը: Եթէ կանխատեսումը իրականութիւն դառնայ, այդ ցուցանիշի աճը կ'ըլլայ երկրին մէջ ամենամեծը՝ սկսած 1918 թուականէն: ԱՄՆ-ի մէջ 1918 թուականին հիմնական Առաջին համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով մահացած է 46 տոկոսով աւելի շատ մարդ, քան 2017 թուականին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Ինչպէս դեկտեմբերի սկիզբը հաղորդած էր NBC հեռուստաընկերութիւնը, COVID-19-ի պատճառով առաջացած բարդութիւններու հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է 292 098 մարդ: Վեթերաններու գործերով նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ սպանուած է 291 557 զինծառայող ԱՄՆ-էն: Եւս 113 842 ամերիկացի մահացած է ոչ մարտերու ժամանակ:

Ժոն Հոփքինսի համալսարանի տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 18,08 մլն դէպք, մահացած է 320 551 մարդ: Երկիրը երկու ցուցանիշներով ալ կը զբաղեցնէ առաջին տեղը աշխարհի մէջ: