image
Հրատապ լուրեր:

132 Տարեկան, բայց միշտ կենսունակ. ՀՅԴ-ն Պէյրութէն վերանորոգեց իր ուխտը

132 Տարեկան, բայց միշտ կենսունակ. ՀՅԴ-ն Պէյրութէն վերանորոգեց իր ուխտը

 Միջոցառման ընթացքին գործադրուած է յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիր, իսկ աւարտին ալ ինչպէս եղած է որպէս աւանդութիւն տեղի ուն եցած է Դաշնակցական մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներու՝պատանիներու խոստման արարողութիւն, իսկ օրուան կնքահայր ՀՅԴ հասարակական եւ կրթական գործիչ Արմէն Թաշճեան իրենց ուխտը կատարող պատանիներուն յղած է իր սրտի խօսք-պատգամը։

Պէյրութի մէջ ի ներկայութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներուն, ինչպէս նաեւ քոյր միութեանց՝ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցչական կազմերուն եւ անշուշտ լիբանանահայ համայնքի քաղաքական, ազգային եւ միջ-կուսակցական ներկայացուցչութեան ՀՅԴ-ն նշեց իր հիմնադրութեան 132-րդ տարեդարձը։

 Նշենք նաեւ, որ հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Պէյրութի «Հապթուր-հիլթըն» սրահին մէջ, որուն ընթացքին ալ խօսքերով հանդէս եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը։

 Միջոցառման ընթացքին գործադրուած է յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիր, իսկ աւարտին ալ ինչպէս եղած է որպէս աւանդութիւն տեղի ուն եցած է Դաշնակցական մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներու՝պատանիներու խոստման արարողութիւն, իսկ օրուան կնքահայր ՀՅԴ հասարակական եւ կրթական գործիչ Արմէն Թաշճեան իրենց ուխտը կատարող պատանիներուն յղած է իր սրտի խօսք-պատգամը։

 

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ ՀՅԴ օրուան ընթացքին խօսք առնող գործիչները շեշտը դրած են մասնաւորապէս համահայկական ազգային միասնութիւն կերտելու, ՀՅԴ-ի դերին կարեւորութեան ու նաեւ հայ ժողովուրդի անպարտելիութեան եւ կամքի զօրութեան վրայ։ 

 

 Մասնաւորապէս այս փուլին բոլոր հիմքերը աւելիով արմատ կը նետեն Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը դարձնելով ՀՅԴ-ին եւ անոր ընդմէջէն համայն հայ ժողովուրդին նոր շունչ մը տալու եւ համահայկական պայքարի ոգին վառ պահելու իրական կեդրոնի։

 

Լուսանկարը՝ «Ազդակ»էն