image
Հրատապ լուրեր:

13 օր է՝ մեր տղաներէն լուր չունինք. զինծառայողներու հարազատները ՊՆ–ի մօտ են

13 օր է՝ մեր տղաներէն լուր չունինք. զինծառայողներու հարազատները ՊՆ–ի մօտ են

Զինծառայողներու ծնողներն այս պահուն հաւաքուած են պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ եւ կ'ըսեն, որ 13 օր է՝ տեղեկութիւն չունին իրենց զաւակներու մասին։

«Միայն գիտենք, որ գտնւում են Վերին Շորժայի տարածքում ինչ–որ ձորակի մէջ` վիրաւոր եւ զոհուած։ Դիմում եմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` մենք որեւէ պատասխան ենք ուզում։ Իմ տղան 1.5 տարուայ ծառայող էր, երբ սկսուեց պատերազմը։ Վերջին լուրը սեպտեմբերի 13-ի առաւօտեան եմ նրանից ստացել։ Հիմա ես չգիտեմ` իմ տղան գերեվարուել է, զոհուել է, թէ վիրաւոր է»,–ըսած է զինծառայողներէն մէկուն հայրը` Սերժ Ղազարեանը։

Անոր խօսքով` իրենց երեխաներու ճակատագիրն անյայտ է, թերեւս իշխանութիւնը որոշ քայլեր կը ձեռնարկէ, սակայն արդիւնքներու մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։

Ղազարեանը նշած, որ ՊՆ–ի մօտ հաւաքուած են` ակնկալելով, որ այստեղ կը պատասխանեն իրենց հարցերուն։