Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով ԱՀ Առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) ուռուցքային եւ սիրտ-անօթային համակարգի ծանր հիւանդութիւններ ունեցող 12 անձ այսօր, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Ինչպէս յայտնած են ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն, 8 բուժառու, որոնք պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներուն հետ վերադարձած են Արցախ։
ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
«Արեւիկ» բժշկական միաւորումը 3 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։
Մինչ այսօր «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 317 հիւանդ։