image

11 Սեպտեմբեր 2001-ի 2752 զոհերուն շարքին էին նաեւ չորս հայեր

11 Սեպտեմբեր 2001-ի 2752 զոհերուն շարքին էին նաեւ  չորս հայեր

Միացեալ Նահանգներու տարածքին 11 սեպտեմբեր 2001-ի տարելիցի առիթով այդ ահաբեկչական յարձակումին զոհերուն յիշատակը յարգելու արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան:

 11 Սեպտեմբեր 2001-ի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած առեւտրական երկու շէնքերու ահաբեկչական յարձակումներուն 2752 զոհերուն շարքին էին նաեւ  չորս հայեր` Քրիսթին Պուրթոն Պասմաճեան, Արամ Իսքենտերեան կրտսեր, Կարօ Հ. Ոսկերիչեան եւ հրշէջ Քարլ Ճոն Պետիկեան: