Միացեալ Նահանգներու տարածքին 11 սեպտեմբեր 2001-ի տարելիցի առիթով այդ ահաբեկչական յարձակումին զոհերուն յիշատակը յարգելու արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան:
11 Սեպտեմբեր 2001-ի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած առեւտրական երկու շէնքերու ահաբեկչական յարձակումներուն 2752 զոհերուն շարքին էին նաեւ չորս հայեր` Քրիսթին Պուրթոն Պասմաճեան, Արամ Իսքենտերեան կրտսեր, Կարօ Հ. Ոսկերիչեան եւ հրշէջ Քարլ Ճոն Պետիկեան: