image

Ծանր հարուած Իրանին. Զոհերու շարքին է Բանակի Սպայակոյտի պետ՝ Պաղերին

Ծանր հարուած Իրանին. Զոհերու շարքին է Բանակի Սպայակոյտի պետ՝ Պաղերին

Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մոհամատ Պաղերին զոհուած է Իսրայէլի յարձակումներու հետեւանքով Թեհրանի մէջ։ Այս մասին յայտնած են իրանեան Mehr եւ ISNA լրատուական գործակալութիւնները։ Մոհամատ Պաղերիի մահուան մասին գրած է նաեւ The Times of Israel-ը՝ յղում ընելով Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի (ՑԱՀԱԼ) ներկայացուցչին։

Աւելի վաղ իրանեան լրատուամիջոցները հաղորդած էին նաեւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար Հոսէյն Սալամիի, ինչպէս նաեւ երկու աթոմային գիտնականներու՝ դոկտոր Թեհրանչիի եւ Ֆերեյտուն Ապպասիի զոհուելու մասին։

Պաղերիի պաշտօնը ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ ծովակալ Հապիպոլլա Սայարին։ Սալամիի պաշտօնը՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Քոտս» յատուկ ստորաբաժանման նախկին ղեկավար Ահմատ Վահիտին։

Յունիս 13-ի  գիշերը Իսրայէլը սկսած է ռազմական գործողութիւն՝ «Առիւծներու ազգ» անուանմամբ։ Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խօսքով՝ գործողութիւնը պիտի տեւէ «այնքան օր, որքան անհրաժեշտ ըլլայ»։

ՑԱՀԱԼ-ը պնդած է, որ Իրանը բաւականաչափ հարստացուած ուրանի պաշար ունի՝ քանի մը աթոմային ռումբ պատրաստելու համար քանի մը օրուան ընթացքին, եւ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել այս «անխուսափելի վտանգի» դէմ։