Թատմոր- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն յայտարարած է, որ «Ռուսիոյ ռազմական ճարտարապետները կրցած են վնասազերծել Թատմորի մէջ 180 հեքթար տարածութեան վրայ ցանուած ականները», որոնք լարուած էին Տահէշի կողմէ, նախքան անոր շրջանէն դուրս գալը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ նախարարը բանակի եւ նաւատորմի ղեկավարութեան հետ պաշտպանութեան կառավարման Ազգային կեդրոնէն ներս ունեցած հանդիպման պարզած է, որ «Ապրիլի 1-էն սկսեալ մեկնարկուած են ականազերծման աշխատանքները 30 քմ. երկարութեան ճանապարհին եւ 182 հեքթար տարածութեան վրայ, ուր գտնուած է 2987 պայթուցիկ սարքեր», աւելցնելով, որ «ռուսական ուժերը դաշտային հիւանդանոց պիտի հիմնեն Թատմորի մէջ, բժշկական օգնութիւններ տրամադրելու համար ռուս զինուերներուն՝ անհրաժեշտ պարագաներուն»: Շայկու նաեւ յայտնած է, որ այս հիւանդանոցը օժտուած պիտի ըլլայ ժամանակակից բժշկական սարքերով, որ պիտի կարենայ ինքնուրիւն աշխատիլ 30 օրուան ընթացքին»: