ԱՄՆ Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ Զօր. Ժոզէֆ Տանֆորտ այսօր պաշտօնական այցով Անգարա ժամանած է: Տանֆորտ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին հետ Չանքայայի պալատին մէջ: Յայտնի է, որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուի Թուրքիա- ԱՄՆ յարաբերութեանց ընդհանուր վիճակը եւ երկու կողմերուն միջեւ ճգնաժամի պատճառ դարձող Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի Թուրքիա վերադարձնելու հարցը: Պէտք է քննարուին նաեւ երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան խնդիրները եւ մասնաւորապէս Ինճիրլիք օդային խարիսխի՝ Տահէշի դէմ դաշնակից ուժերու պայքարին հետ առնչուող հարցեր: Զօր. Տանֆորտ բացատրութիւն տուած է նաեւ յեղաշրջման փորձին հետ կապուած իր ըսածներուն վերաբերեալ: Նշենք, որ Էրտողան մինչ այդ քննադատած էր ամերիկացի պաշտօնեան յեղաշրջման փորձի հետ կապուած վերջինիս կատարած յայտարարութիւններուն համար: