image

Ժուլյէն Ասանժ.1700 Նամակներ կան, ուր կը խօսուի ISIS-ի եւ Հիլըրի Քլինթընի միջեւ առկայ կապին մասին

Ժուլյէն Ասանժ.1700 Նամակներ կան, ուր կը խօսուի ISIS-ի եւ Հիլըրի Քլինթընի միջեւ առկայ կապին մասին

Ուիքիլիքսի հիմնական «հեղինակ» համարուող Ժուլյէն Ասանժի խօսքով հարիւրաւոր ելեքդրոնային նամակներ կան, ուր յստակ ձեւով կը խօսուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման եւ ԱՄՆ Տէմոքրաթ նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին միջեւ առկայ կապերու մասին: Ասանժ, որ ապահովական մտավախութիւններով կը մերժէ այդ նամակները հրապարակել նաեւ ըսած է, որ այդ նամակներուն մէջ յստակօրէն գրուած ԱՄՆ-ի եւ Ռատիքալ իսլամիստ խմբաւորումներու միջեւ զէնք վաճառելու վերաբերեալ կատարուած «յոյժ գաղտնի» գործարքներու մասին: ԱՄՆ-ի Կողմէ հետախուզման տակ եղող Ասանժ նաեւ ըսած է, որ այդ նամակներու թիւը կը հասնի 1700-ի: