Ուիքիլիքսի հիմնական «հեղինակ» համարուող Ժուլյէն Ասանժի խօսքով հարիւրաւոր ելեքդրոնային նամակներ կան, ուր յստակ ձեւով կը խօսուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման եւ ԱՄՆ Տէմոքրաթ նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին միջեւ առկայ կապերու մասին: Ասանժ, որ ապահովական մտավախութիւններով կը մերժէ այդ նամակները հրապարակել նաեւ ըսած է, որ այդ նամակներուն մէջ յստակօրէն գրուած ԱՄՆ-ի եւ Ռատիքալ իսլամիստ խմբաւորումներու միջեւ զէնք վաճառելու վերաբերեալ կատարուած «յոյժ գաղտնի» գործարքներու մասին: ԱՄՆ-ի Կողմէ հետախուզման տակ եղող Ասանժ նաեւ ըսած է, որ այդ նամակներու թիւը կը հասնի 1700-ի: