image

«Ժառանգութեան» նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը արտագաղթած է Գանատա. «Ժողովուրդ»

«Ժառանգութեան» նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը արտագաղթած է Գանատա. «Ժողովուրդ»

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը մեկնած է Գանատա մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով: Այս մասին կը գրէ «Ժողովուրդ» օրաթերթը։

«Յատկանշական է, որ նա ժամանակին բաւական ոգեւորուած էր թաւշեայ յեղափոխութեամբ, բազմիցս խօսում էր այն մասին, որ «Ժառանգութիւնն» իր աշխոյժ մասնակցութիւնն է ունենալու այս գործընթացներում: Սակայն ԸՕ փոփոխութիւնների նախագծի չընդունուելուց յետոյ «Ժառանգութիւնը» որոշեց չմասնակցել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններին»,– գրած է պարբերականը:

Թերթի տեղեկութիւններով` Արմէն Մարտիրոսեանը մինչ ընտրութիւններն առաջարկ ստացած է «Մենք» դաշինքէն իրենց ցուցակին մէջ ընդգրկուած ըլլալու համար, սակայն մերժած է:

Պարբերականը փորձած է Մարտիրոսեանէն ճշդել, թէ ինչու մեկնած է Հայաստանէն, սակայն յստակ պատասխան չէ ստացած: «Այս պահին չեմ ուզում մեկնաբանել»,- ըսած է ան:

Մարտիրոսեանը «Ժառանգութեան» նախագահ ընտրուած է 2018 թուականի 24 փետրուարին: